ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՍՕՐ ՊՔԵՐՔԷԻ ՄԷՋ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՄԻՋՄԱՐՈՆԻԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ ամբողջ աշխարհին, յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ կարելի ըլլայ խաղաղութիւն եւ հանդարտութիւն տարածել:
Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզին աշխուժացման վերաբերող հարցեր:
Նախարար Ապպուտ Ռայի պատրիարքին առաջարկեց նպաստել Լիբանանի մէջ կրօնական բնոյթի զբօսաշրջութեան զարգացման:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ֆարիտ Խազեն, որ պատրիարքին հետ քննարկեց Պքերքէի մէջ այսօր տեղի ունենալիք միջմարոնիական հանդիպումին մանրամասնութիւնները:
Ռայի պատրիարքին այցելուներէն եղաւ նաեւ Պաաս կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըրի:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այսօր Պքերքէի մէջ կը նախագահէ միջմարոնիական հանդիպումին, իսկ վաղը ան հովուապետական այցելութեան մը ծիրին մէջ պիտի այցելէ հարաւային Լիբանան:
Կը նախատեսուի, որ հարաւային Լիբանան կատարելիք իր շրջապտոյտին ընթացքին Ռայի պատրիարքը այցելէ Սուրի մարոնի համայնքի առաջնորդարանն ու անոր մօտակայ գիւղաքաղաքները, իսկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին Քլայաայի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ ան պիտի նախագահէ պատարագի մը:
Կիրակի օրուան ընթացքին կատարելիք իր այցելութիւններուն ծիրին մէջ Ռայի պատրիարքը պիտի այցելէ Հասպայա, Ռըմէյշ, Իսրայէլի հետ սահմանամերձ շրջաններ եւ Մաղտուշէ:

