ԵՒՐՕ-2012. ԻՏԱԼԱՑԻ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՉՄԵԿՆԻՆ ՍԵՐՊԻԱ

«Էսոշիէյթըտ փրես» լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշեց յառաջիկայ 7 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Սերպիա – Իտալիա Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին իր համակիրներուն համար տոմսեր չապահովել:

Իտալիա, որ արդէն իսկ ապահոված է աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, կ՛ուզէ այս հանդիպումին առանց իր համակիրներուն մեկնիլ Սերպիա, անցեալին նման հարցերու ստեղծման առաջքը առնելու համար:

Երթին, սերպ համակիրներուն անկարգապահութեան պատճառով երկու խումբերուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումը 7-րդ վայրկեանին ընդհատուեցաւ եւ կիսատ մնաց:

Անկէ ետք Եու. Է. Էֆ. Ա.ն յայտարարեց, որ Իտալիա 3-0 արդիւնքով յաղթական հռչակուած է:

 

Share this Article
CATEGORIES