«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԵՒ ՉԵԼՍԻ ԱՊԱՀՈՎԵՑԻՆ ՔԱՌՈՐԴ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐԵՆՑ ՏՈՄՍԵՐԸ
«Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն, երէկ տեղի ունեցած երկու ճակատումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, Ռէալ Մատրիտ եւ Չելսի ապահովեցին քառորդ աւարտականի մրցումներուն իրենց տոմսերը` մրցաշարքէն յաջորդաբար դուրս ձգելով Լիոնը եւ Քոփենհակընը:
Ռէալ Մատրիտ, որ երթին Ֆրանսայի մէջ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր, երէկ գիշեր 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը: Մարսելօ (37-րդ), Քարիմ Պենզեմա (66-րդ) եւ Անխել Տի Մարիա (76-րդ) նշանակեցին մայրաքաղաքի կազմին երեք անպատասխան կոլերը:
Չելսի, որ երթին 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, թէեւ երէկ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քոփենհակընի հետ, սակայն իր կարգին ապահովեց քառորդ աւարտականի մրցումներուն իր տոմսը:
Նշենք, որ նախանցեալ օր քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը ապահոված էին Ինթեր Միլան եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ` մրցաշարքէն յաջորդաբար դուրս ձգելով Պայէրն Միւնիխը եւ Մարսէյը: