ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԿԱՐԳ ՄԸ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ՈՐԱԿԱԶՐԿՈՒԻԼ

Վերջին շրջանին Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իրաւարարներուն կողմէ կը կատարուին աններելի սխալներ, որոնք դժգոհութիւններու մեծ ալիք կը բարձրացնեն:

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կարգ մը իրաւարարները պիտի որակազրկէ` նկատի ունենալով, որ ակումբներու բողոքը ընդունելէ եւ անոնց կատարած մրցումներուն վիտէօ-երիզը դիտելէ ետք տեսած է այդ սխալները:

Ուլիս – Բանանց մրցումին կողմի իրաւարարին` Արթուր Մուրատեանի արհեստավարժ ասպարէզին ապագան վտանգուած է` նկատի ունենալով, որ անոր անունը արդէն իսկ դուրս բերուած է միջազգային իրաւարարներու Հայաստանի ցանկէն:

Երեք մրցումով կրնայ որակազրկուիլ Գէորգ Եղոյեան: Համեմատաբար աւելի փորձառու իրաւարար Արման Ամիրխանեան եւս կրնայ որակազրկուողներուն կարգին ըլլալ:

 

Share this Article
CATEGORIES