ԱԹԼԵԹԻԶՄ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ (23-25 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ)

«ԼԻԲԱՆԱՆ ՊԻՏԻ ՓՈՐՁԷ ԼԱՒԱՊԷՍ
ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵԼ
ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ»

ԸՍԱՒ ԱՊՏԱԼԼԱ ՇԵՀԱՊ

 

Լիբանանի երկսեռ մարզիկները

Ինչպէս ծանօթ է, 23-25 սեպտեմբերին Լիբանան պիտի հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու տղոց եւ աղջկանց (16-17 տարեկան) առաջին ախոյեանութիւնը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի:

Նշենք, որ ախոյեանութեան այս մրցումները տեղի պիտի ունենան Մարզական աւանին եւ Ռաֆիք Հարիրիի անուան համալսարանին մէջ (Հատաս): Մրցումները կը սկսին այսօր, առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ: Բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին:

Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ապտալլա Շեհապ այս ախոյեանութեան յանձնախումբին հետ ունեցած իր մէկ ժողովէն ետք յայտարարեց, որ Լիբանան կազմ ու պատրաստ ըլլալով անոր, իր ամէն կարելին պիտի ընէ եւ պիտի փորձէ լաւապէս հիւրընկալել այս մրցաշարքը:

Ապտալլա Շեհապ

Նշենք, որ այս ախոյեանութեան ընթացքին Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի ֆետերասիոնը պիտի գումարէ իր տարեկան համագումարը:

Այս ախոյեանութեան մասնակցող 13 երկիրներն են` Պահրէյն, Իրաք, Յորդանան, Սէուտական Արաբիա, Քուէյթ, Օման, Սուրիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Քաթար, Պաղեստին, Եմէն, Իրան եւ Լիբանան:

 

Share this Article
CATEGORIES