ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Օսէյրան ողջունեց մարոնի համայնքի Ռայի պատրիարքին հարաւային Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը` դրուատելով պատրիարքին կեցուածքները, որոնց նպատակն է ամրապնդել լիբանանեան միասնականութիւնը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ այսօրուան դրութեամբ կառավարութեան համար առաջնահերթութիւնը կը կայանայ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծին վաւերացման մէջ:

«ՊԻՆԱ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն պիտի այցելէ Լիբանան` շնորհաւորելու համար մարոնի համայնքի հոգեւոր պետ Պշարա Ռային` անոր պատրիարք ընտրուելուն առիթով: Սուրիոյ միւֆթին պիտի այցելէ նաեւ լիբանանցի այլ հոգեւոր պետերու, որոնց շարքին են հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի եւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆօ երէկ այցելեց Հըզպալլայի միջազգային յարաբերութեանց պատասխանատու Ամմար Մուսաուիի, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ միջազգային քաղաքական իրադարձութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ ողջունեց Ռայի պատրիարքին հարաւային Լիբանան կատարելիք այսօրուան այցելութիւնը` դիտել տալով, որ այդ այցելութիւնը կը փաստէ, որ Ռայի պատրիարքը կը մարմնաւորէ լիբանանեան ազգային միացեալ կամքը եւ կը ջանայ ամրապնդել լիբանանցիներուն համերաշխութիւնը:

ԸՍՏ «Պինա» օրաթերթին, Տար Ֆաթուայի մէջ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի միջեւ սուր բանավէճ արձանագրուած է: Նոյն օրաթերթին համաձայն, դեսպան Ասիրի միւֆթի Քապպանին պախարակած է անոր արտայայտած վերջին կեցուածքներուն եւ սուրիական, իրանեան ու Հըզպալլայի յատուկ պատուիրակութիւններ ընդունելուն համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը զգուշացուց իր քաղաքացիները յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին Լիբանանի մէջ հաւաքոյթներ կազմակերպելէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ կէսօրին ընդունեց երեսփոխան Ամին Ուեհպէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ընդհանուր իրադարձութիւնները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES