ՌՈՒՍԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՆՈՒՉԱՐԵԱՆԻ ՏՈՒՊԼԷՆ ՉՓՐԿԵՑ ՈՒՐԱԼԸ
Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, հակառակ անոր որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան տուպլէ մը իրագործեց իր ակումբին` Ուրալի հետ, սակայն այդ երկու կոլերը բաւարար չեղան եւ անոր կազմը 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սարանսքիէն:
Մանուչարեանի նման 90 վայրկեան դաշտ ներկայացաւ անոր խմբակիցը` Տենիս Թումասեան:
Քալինինկրատ Պալթիքայէն պարտութիւն կրեց նաեւ Խիմքի` 4-1 արդիւնքով: Խիմքիի մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բերդապահ Ռոման Պերեզովսքի եւ Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականի միջնապահ Արտակ Ալեքսանեան դաշտ ներկայացան 90 վայրկեան:
CATEGORIES Մարզական