ԱԹԼԵԹԻԶՄ. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԼՈՐԻ ԹԱՇՃԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ՈՍԿԻ ՄԵՏԱԼ ՄԸ` ԱՂՋԿԱՆՑ 400 ՄԵԹՐ ՎԱԶՔԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
Երէկ` ուրբաթ, 23 սեպտեմբերին, Մարզական աւանին մէջ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը բացուած յայտարարուեցան Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու առաջին ախոյեանութեան մրցումները, որոնց իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 13 երկիրներ:
Այս ախոյեանութիւնը հովանաւորող երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէն կը ներկայացնէր երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամի:
Խիամիի կողքին ներկայ էին Արեւմտեան Ասիոյ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոններուն անդամները, ակումբներու նախագահներ, պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ:
Նախարար Քարամէի անունով խօսք առնելով` Խիամի պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց այս խաղերը, ապա բարձրացաւ մրցաշարքին դրօշակը:
Առաջին օրուան արդիւնքներուն ծիրին մէջ, Ճեմարանի աշակերտ եւ Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Լորի Թաշճեան Լիբանանին ապահովեց ոսկի մետալ մը` աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն արձանագրելով 1 վայրկեան 02″ 16 արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւողը` իրաքցի Հատիլ Ռահիմ, արձանագրեց 1′ 02″ 53 արդիւնք մը:
Լիբանան իր երկրորդ ոսկի մետալը շահեցաւ շնորհիւ Սարա Աուալիի, որ 1500 մեթր վազքի մրցումներուն արձանագրեց 5′ 03″ 22 արդիւնք մը:
Երկու ոսկի մետալի տիրանալէ բացի, Լիբանան տիրացաւ նաեւ մէկ արծաթ եւ 5 պրոնզ մետալներու:


