ՄԵՏՎԵՏԵՒ ՓՈՒԹԻՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋԱԴՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ երէկ Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան խորհրդաժողովին ընթացքին, յառաջիկայ մարտ 2012-ին Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւններուն համար առաջադրեց երկրին վարչապետ, նախկին նախագահ Վլատիմիր Փութինի թեկնածութիւնը: Մետվետեւ յայտնեց, որ ինք պատրաստ պիտի ըլլայ գործելու իբրեւ վարչապետ` աւելցնելով, որ շատ լաւ պիտի ըլլայ, եթէ Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի թեկնածութիւնը առաջադրուի` յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն: Մետվետեւ Փութինի թեկնածութիւնը առաջադրեց, երբ ան Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան տասնմէկ հազար անդամներուն ներկայութեան խօսք մը կ՛արտասանէր Մոսկուայի «Լուինիքի» մարզահամալիրին մէջ:
Իր կարգին, Փութին իր խօսքին մէջ Տմիթրի Մետվետեւի թեկնածութիւնը առաջադրեց յառաջիկայ հոկտեմբերին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին նախագահելու համար Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան առաջադրելիք թեկնածուներուն ցանկը:
2000-2008` երկու նստաշրջաններ շարունակ Ռուսիոյ նախագահութիւնը ստանձնած Վլատիմիր Փութին շեշտեց, որ ինք յարմար կը գտնէ, որ յառաջիկայ 4 հոկտեմբերին խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան ցանկին նախագահէ հանրապետութեան ներկայ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ:
CATEGORIES Միջազգային


![putin_medvedev[1]](https://archive.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2011/09/putin_medvedev1-300x191.jpg)