ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ, երեսփոխան Սաատ Հարիրի կոչ ուղղեց պաղեստինեան պետութեան ճանաչումի գաղափարին նկատմամբ արաբական միասնականութեան եւ զօրակցութեան:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Ղասսան Ղոսըն շեշտեց, որ իրենք պիտի չզիջին նուազագոյն աշխատավարձի արժէքը մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար լիբանանեան ոսկիի բարձրացնելու իրենց պահանջէն:
ՍՈՒՐԻՈՅ միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն նշեց, որ ինք Ռայի պատրիարքը շնորհաւորած է անոր կեցուածքներուն համար` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքին հետ նաեւ համաձայնութիւն գոյացուցած է մօտիկ ապագային այցելելու Լիբանան:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ իր հանդիպումին ընթացքին Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի շեշտած է, որ Ուաշինկթըն նեղացած է Ռայի պատրիարքին արտայայտած կեցուածքներէն:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մնայմնէ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի չի կրնար ենթարկուիլ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի բանեցուցած ճնշումներուն:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիա տեղեակ պահած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը, թէ Դամասկոսի դռները դարձեալ փակուած են անոր դիմաց:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ուալիտ Խուրի շեշտեց, որ Պքերքէ բոլոր քրիստոնեաներուն միջեւ հանդիպումի եւ փոխըմբռնումի առիթ ստեղծած է:
ԸՍՏ «Անպա» օրաթերթին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Թուրքիոյ մէջ համաձայնած են, որ պիտի պայքարին համամասնական դրութեան վրայ հիմնուելիք ընտրական օրէնքին դէմ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է նախազգուշութիւններու դիմել, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանը պաշտպանել Սուրիոյ մէջ արձանագրուած պատահարներէն:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին դերակատարութիւնը հիմնական է ու պատմական, եւ կարելի չէ այդ դերակատարութիւնը կրճատել եւ դիտել տալ, որ քրիստոնեաները թիրախ պիտի դառնան, եթէ Լիբանան Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ իր պարտաւորութիւնները չգործադրէ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնած է, որ ինք մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը պիտի չընդունի` Փարիզի մէջ անոր կատարած յայտարարութիւններուն պատճառով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ ժողովրդավարութիւնն է ամբողջ ժողովուրդին երաշխիքը, ըլլայ ան մեծամասնութիւն թէ փոքրամասնութիւն:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքը յանձնառու է լիբանանցիներուն եւ քրիստոնեաներուն շահերուն: