ԱՐԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՐԻՆ ՄԵԹՆԻ ՇՐՋԱՆՆԵՐԸ

Արիտի` իր շրջապտոյտին ընթացքին

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի երէկ այցելեց Վերին Մեթնի շրջանները, ուր ստուգեց անոնց կարիքները եւ հետագային գործադրուելիք ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները:

Արիտի նկատել տուաւ, որ նախարարութեան պաշտօնը ստանձնելէ եւ զանազան շրջաններ այցելելէ ետք իրեն համար յստակ դարձած է, թէ իւրաքանչիւր շրջանի մէջ տասնեակ տարիներ առաջ մշակուած են հանրօգուտ շինութեանց ծրագիրներ, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը գործադրուած է, իսկ գործադրութեան պարագային ալ կիսատ մնացած է:

Միւս կողմէ, Արիտի Ռաս Մեթն շրջանին մէջ հիմնարկէքը կատարեց Մոնթեվերտիի ճամբուն բացման` նկատել տալով, որ անիկա երրորդ ճամբան է, որուն նորոգութիւնը ստանձնած է նախարարութիւնը այս տարուան ընթացքին:

Արիտի նկատել տուաւ, որ երկիրը Լեռնալիբանանէն մինչեւ հարաւային Լիբանան կարիքը ունի շինութեան ու նորոգութիւններու:

Ան այցելեց նաեւ Պզպտին, Քըրնայէլ, Մթէյն, Հըմմանա եւ այլ շրջաններ, ուր շեշտեց, որ այդ շրջաններուն համապատասխան բոլոր ծրագիրները պիտի գործադրուին` աւելցնելով, որ երկրին նախարարութիւնները ենթակայ են բոլոր լիբանանցիներուն ծառայութեան, ինչ որ յոյս կը ներշնչէ երկրին մէջ պետութեան գոյութեան առումով:

Արիտի դիտել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանը առանց պետութեան չի կրնար գոյատեւել` շեշտելով, որ պետութիւնը պէտք է ըլլայ բոլորին հեղինակութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES