ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԳՈՒՍԱՆ ՀԱՅԿԱԶՈՒՆԸ
Երէկ Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց «Հայկազունք» համոյթը` գլխաւորութեամբ` համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Գուսան Հայկազունի:
Վեհափառը` բարձր գնահատելով Գուսան Հայկազունի դերակատարութիւնը երաժշտութեան մարզին մէջ, վերջինս պարգեւատրեց խաչով եւ հրովարտակով:
«Այս առիթով մենք բարձր կը գնահատենք ձեր վաստակը հայ երաժշտական արուեստի մարզին մէջ: Մեր խոր գնահատանքը կը յայտնենք նաեւ «Հայկազունք» համոյթի բոլոր անդամներուն, ձեր սիրելի գործակիցներուն, որոնք ձեզի հետ միասին նուիրուած են հայ երաժշտութեան առաւե՛լ զարգացման ու տարածման: Այս առիթով իբրեւ շօշափելի գնահատանք ձեր մեծ վաստակին, ձեզի կը նուիրենք հայկական խաչ մը, որպէսզի ան միշտ դառնայ պահապանը ձեր կեանքին ու գործին», նշուեցաւ Արամ Ա. վեհափառին հրովարտակին մէջ:
Համոյթի անդամները եւս պարգեւատրուեցան կաթողիկոսութեան զինանշանով:
Հայկազունք համոյթը ներկայացուց փունջ մը երգեր, ապա համոյթը հիւրը դարձաւ Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ սարքուած ընթրիքին:


