ԻԲՐԵՒ «ԲԱՐԻ ԿԱՄՔԻ ՑՈՒՑԱԲԵՐՈՒՄ» ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԵՑԱՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ

Թրքական «Թաքվիմ» օրաթերթը կը յայտնէ, որ Երեւանի նկատմամբ իբրեւ «բարի կամքի ցուցաբերում» Թուրքիոյ կառավարութիւնը` օրէնսդիր մարմինին կողմէ չեղեալ յայտարարուած Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները վերադարձուցած է խորհրդարան:

Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները չեղեալ նկատուած էին անցեալ ամիս` Թուրքիոյ մէջ նոր խորհրդարանի կազմութենէն ետք, երբ նորընտիր խորհրդարանը անվաւեր հռչակած էր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող արձանագրութիւնները:

Նշենք, որ թրքական օրէնքին համաձայն, բոլոր այն օրինագիծերը, որոնք չեն վաւերացուիր նախկին խորհրդարանին կողմէ, ինքնաբերաբար անվաւեր կը նկատուին նորընտիր խորհրդարանին կողմէ: Բայց եւ այնպէս, նախարարաց խորհուրդը եւ օրէնսդիր մարմինը իրաւասութիւնը ունին անվաւեր հռչակուած օրինագիծերը կրկին օրակարգի վրայ դնելու:

Share this Article
CATEGORIES