ԼՈՒԻՍ ՎԱՆ ԿԱԱԼ` ՀԱՄՊՈՒՐԿԻ ՅԱՋՈՐԴ ՄԱՐԶԻ՞ՉԸ
Sport1 կայքէջի համաձայն, Պայէրն Միւնիխի հոլանտացի նախկին մարզիչ Լուիս Վան Կաալ ներկայիս բանակցութիւններ կը կատարէ ստանձնելու Պունտըսլիկայի կազմերէն Համպուրկի մարզիչի պաշտօնը, որ այս շաբաթասկիզբէն ի վեր թափուր մնացած է:
60 տարեկան Վան Կաալ, որ նախորդ ապրիլին հեռացաւ պաւարիական կազմէն, այլ առիթով ալ եղած էր Պայէրնի մարզիչ:
Անցեալին ան եղած է նաեւ Պարսելոնայի մարզիչը:
CATEGORIES Մարզական