ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Այսօր` երկուշաբթի, 26 սեպտեմբերին, Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան) կը սկսի կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 126 երկիրներու ներկայացուցիչներ:
Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ այսքան երկիրներու մասնակցութիւնը կը նկատուի մրցանիշ մը` աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն:
Այդ 126 երկիրներուն կարգին է նաեւ Հայաստան, որ կը մասնակցի ութ կռփամարտիկով:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթ Ազրպէյճան ապահովական երաշխիքներ տուած էր Հայաստանի:
681 կռփամարտիկներ, 10 դասակարգի մրցումներուն մետալներու համար պայքարելէ բացի, պիտի փորձեն նաեւ Ողիմպիական մրցումներուն համար տոմս ապահովել: Միայն 21 երկիրներ ներկայացուցիչներ ունին բոլոր 10 դասակարգի մրցումներուն:
Նշենք, որ նախկին Խորհրդային Միութեան Փլուզումէն ետք Հայաստան երրորդ անգամ ըլլալով Պաքուի մէջ կը մասնակցի միջազգային մրցաշարքի մը:

