ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐ ՊԻՏԻ ԱՌՆԷ ԿԱՍԿԱԾԵԼԻ ՕԴԱՆԱՒԵՐԸ
Նիւ Եորքի ոստիկանապետ Ռէյ Կելլի «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանի «60 վայրկեան» յայտագիրին ընթացքին յայտարարած է, որ Նիւ Եորքի ոստիկանութիւնը պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային օդանաւեր վար առնելու:
Ան յայտնած է, որ 2001-ի սեպտեմբերեան ահաբեկչութիւններէն ետք քաղաքի ոստիկանութիւնը որդեգրած է սեփական հակաահաբեկչական ծառայութիւն ստեղծելու որոշում մը:
Ոստիկանութիւնը տարբեր իրավիճակներու մէջ գործողութիւններու նախագիծեր մշակած է: Այդ իրավիճակներուն շարքին են այնպիսիներ, որոնց պարագային անհրաժեշտ պիտի ըլլայ օդանաւեր վար առնել: Կելլի շեշտած է, որ այդպիսի որոշում կրնայ որդեգրուիլ «միայն ծայրայեղ իրավիճակներու մէջ»:
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջոցներուն շարքին Կելլի ընդգծած է Մանհեթընի մէջ տեսախցիկային ցանցի ստեղծումն ու ոստիկաններու` այլ երկիրներու մէջ կրթութիւնը: