«ՄԵՆՔ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱԽՈՒՄ ՉԵՆՔ ՈՒԶԵՐ. ՄԵՆՔ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԴԱՇԻՆՔ Կ՛ՈՒԶԵՆՔ ՏԵՍՆԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանի յայտնի քաղաքագէտ, լրագրող եւ հրապարակախօս Ֆարիտ Զաքարիայի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է Թուրքիոյ ներկայ արտաքին քաղաքական ուղեգիծին, թուրք-իսրայէլեան եւ թուրք-սուրիական յարաբերութիւններուն մասին:

Պատասխանելով Զաքարիայի այն հարցումին, թէ «արդեօք այսօր Թուրքիան կը շեղէ՞ք Աթաթուրքի որդեգրած ուղիէն: Արդեօք ձեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ այլեւս արեւմտամէտ չէ՞ք: Իսկ երբ այցելած էիք Գահիրէ, ձեզ այնտեղ կը դիմաւորէին ռոքի աստղի մը նման, արդեօք ատիկա Թուրքիոյ նոր իսլամական արտաքին քաղաքականութիւն չի նշանակե՞ր», Էրտողան ըսած է. «Յարգելի Զաքարիա, ես ռոքի աստղ չեմ, ես քաղաքական գործիչ եմ: Սակայն մէկ բան կրնամ շատ յստակ ըսել` այնպէս չէ, որ Արեւմուտքի մէջ ամէն բան ճիշդ է: Մենք առած ենք Արեւմուտքի գիտութիւնը, կ՛առնենք անոր գեղեցկութիւնները: Սակայն չմոռնանք, որ Արեւելքն ալ իր գեղեցկութիւնները ունի: Ինչո՞ւ Արեւելքը մէկդի կը ձգէք® Մենք քաղաքակրթութիւններու բախում չենք ուզեր: Մենք քաղաքակրթութիւններու դաշինք կ՛ուզենք տեսնել»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` Էրտողան ըսած է, որ իր համբերութիւնը սպառած է, եւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ այլեւս իր սիրտին մէջ տեղ չունի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES