ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔՆ ՈՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԴԱՐՁԱՆ ՄԸՍԱՅԼԵՀԻ ՊԱՏՈՒՈՅ ՀԻՒՐԵՐԸ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան նոյն կենսունակութեամբ, կարգախօսներով եւ համերաշխութեան կոչերով շարունակեց հարաւային Լիբանան կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը, որուն հարաւը իր ամբողջ բնակչութեամբ հակազդեց նոյն խանդավառութեամբ եւ ջերմ ընդունելութեամբ:

Հարաւային Լիբանանի մէջ բոլոր դպրոցները, համալսարաններն ու վաճառատուները մնացին փակ, իսկ հարաւային Լիբանանի բնակչութիւնը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ բակերը` դիմաւորելու համար Ռայի պատրիարքը:

Ռըմէյշի Պայծառակերպութեան եկեղեցւոյ մէջ Ռայի պատրիարքը նախագահեց մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին պատրիարքը արտասանեց քարոզ մը` կոչ ուղղելով բոլորին հեռու մնալու միամտութենէն, շրջանային զարգացումները վերլուծելու պարագային:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ հարկ է ըլլալ իմաստուն` 36 տարի շարունակ փորձելէ ետք ամէն տեսակի անարդարութիւն եւ իրաւազրկում:

«Պէտք է ըլլալ զգուշ, զգաստ եւ ճշգրիտ ու խոր կերպով մեկնաբանել մեր կեանքին մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները` հեռու մնալով մակերեսայնութենէ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ռայի պատրիարքը եկեղեցւոյ ղօղանջներուն կշռոյթով հասաւ Նապաթիէի Մար Եուսեֆ եկեղեցի, ուր կոչ ուղղեց կառչած մնալու ազգային միասնականութեան, սիրոյ եւ համագործակցութեան:

Մըսայլեհի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր ապարանքին մուտքին անձամբ դիմաւորեց Ռայի պատրիարքը:

Աւելի ուշ Պըրրիի եւ Ռայի պատրիարքին միացաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ներկայութեամբ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի եւ Ռանտա Պըրրիի:

Մըսայլեհի մէջ Ռայի պատրիարքին ի պատիւ սարքուած ճաշկերոյթին ընթացքին խորհրդարանի նախագահը յայտնեց, որ Իսրայէլի կողմէ միջազգային բանաձեւերուն, յատկապէս թիւ 425 բանաձեւին անտեսումը եւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն շարունակութիւնը պատճառ դարձան Դիմադրութեան հիմնումին: «Իսկ այսօր Դիմադրութիւնը կը շարունակէ գործել իբրեւ երաշխիք` կանխարգիլելու համար Լիբանանի դէմ գործուելիք իսրայէլեան որեւէ ոտնձգութիւն կամ ներխուժում, ինչպէս նաեւ կը գոյատեւէ հաստատելու համար, որ Լիբանան ունի իր բնական իրաւունքները` ըլլան անոնք ցամաքային, օդային թէ ծովային: Հետեւաբար, մենք մեզի մօտիկ թէ հեռաւոր անձնաւորութիւններուն կոչ կ՛ուղղենք Դիմադրութենէն չվախնալու, այլ` Դիմադրութեան վրայ վախնալու», շեշտեց Պըրրի:

Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն` Պըրրի ընդգծեց, որ պէտք է վերջ տալ որեւէ տեսակի գրգռութեան կամ ֆինանսաւորման կամ զինման, որ կը կատարուի հիւսիսային Լիբանանի մէջ` Սուրիոյ կացութիւնը յաւելեալ բարդութիւններու առաջնորդելու համար: «Մենք զգուշացուցինք նոր Սայքս Փիքոյէ մը, որ ոչ միայն Սուրիան թիրախ կը դարձնէ, այլեւ` շրջանին մէջ գտնուող պետութիւններէն քանի մը հատը, հասնելով մինչեւ Լիբանան», աւելցուց Պըրրի:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ սէրն ու համագործակցութիւնը տարածուին ամբողջ Լիբանանի մէջ: «Ցանկութիւնս է նաեւ, որ սէրն ու համագործակցութիւնը դրսեւորուին նաեւ ազգային երկխօսութեան պատասխանատու սեղանին վրայ, ուր իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ իր մտահոգութիւններն ու տեսլականը», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ամրապնդելու լիբանանեան ազգային գոյակցութիւնն ու երկրին գերագոյն շահերուն համար ոչ մէկ ջանք զլանալու:

Մըսայլեհէն ետք Ռայի պատրիարքը այցելեց Հաժժէ, Մաամարիէ եւ Մաղտուշէ շրջանները, ուր դիմաւորուեցաւ քաղաքացիներու հոծ բազմութիւններուն կողմէ եւ Լիբանանի ու Վատիկանի հարիւրաւոր դրօշներով:

Share this Article
CATEGORIES