ԹՐՔԱԿԱՆ ՆԱՒ ՄԸ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄՕՏ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ՓՆՏՌՏՈՒՔԻ ՍԿՍԱՒ

Թրքական «Փիրի Ռէյիս» նաւը

Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ թրքական «Փիրի Ռէյիս» նաւը երկուշաբթի օր սկսած է այսպէս կոչուած յանուն Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան Կիպրոսի ծովափին մօտ բնական կազի պաշարներու փնտռտուքի: Կը հաղորդուի, որ նաւուն անձնակազմը կը բաղկանայ 21 հոգիէ, որոնց շարքին են 10 ակադեմականներ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ թրքական յածանաւ մը եւ պատերազմական օդանաւ մը ուշադրութեամբ կը հսկեն անոր վրայ: Նշեալ նաւը 23 սեպտեմբերին նաւարկած էր Իզմիրի նաւահանգիստէն:

Բռնագրաւուած Հիւսիսային Կիպրոսի վարչապետ Իրսեն Քիւչիւք յայտնեց, որ թրքական պետական քարիւղի ընկերութիւնը սկսած է փնտռտուքի աշխատանքին յանուն «Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան»: Ան նշած է, որ «Փիրի Ռէյիս» նաւը կը գործէ այդ ինքնահռչակ հանրապետութեան ջուրերուն մէջ:

Կիպրոսէն աղբիւր մը յայտնեց, որ թրքական նաւը Կիպրոսի կողմէ հետազօտութեան համար ճշդուած երկու տարածքներու եւ ամերիկեան «Նոպըլ Էնըրճի» ընկերութեան հետազօտած տարածքին միջեւ կը գտնուի, եւ այս վերջինէն շուրջ 80 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Քիւչիւք նշեց, որ ինքնահռչակ իր հանրապետութեան նախագահ Էրօղլու 24 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ եւ առաջարկած, որ քարիւղի եւ բնական կազի պաշարներու հետազօտութիւնը առկախուի, մինչեւ, որ Կիպրոսի հարցին համապարփակ լուծում մը գտնուի, կամ եթէ Կիպրոսի վարչակազմը պեղումի աշխատանքներուն վրայ պնդէ, կազմուի կղզիի երկու կողմերը ներկայացնող յանձնախումբ մը, որ որոշէ բնական հարստութեան բաժնեկցութեան ձեւը: Ան աւելցուց, որ «դժբախտաբար յոյն կիպրական կողմը տակաւին դրական պատասխան մը չէ տուած»:

Նշենք, որ Յունաստանի վարչապետը երկուշաբթի օր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով` «ինքնազսպումի եւ հանդարտութեան» կոչ ուղղած էր: Ան ըսած էր, որ «շրջանին մէջ հարցեր ստեղծող միակողմանի քայլերէն պէտք է խուսափիլ»: Էրտողան իր կարգին յայտնած էր, որ նախընտրելի պիտի ըլլայ, եթէ բնական կազի պաշարներու հետազօտութիւնը Կիպրոսի հարցի լուծման համաձայնութենէն ետք տեղի ունենայ` աւելցնելով, որ միակողմանի քայլերը կրնան բանակցութիւններուն վնասել:

Ամերիկեան «Նոպըլ Էնըրճի» ընկերութիւնը կը յայտնէ, որ արեւելեան Միջերկրականի մէջ յայտնաբերուած բնական կազի պաշարները վերջին տասնամեակի ընթացքին իրենց տեսակին մէջ մեծագոյնն են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES