ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԻՆ

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ նախագահեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի զարգացումները:

Այս ամսուան ընթացքին Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութեան նստաշրջանը ստանձնած Լիբանանի խօսքը արտասանեց վարչապետ Միքաթի, որ նշեց, թէ ինք կու գայ այնպիսի շրջանէ մը, ուր փոփոխութեան ենթարկուող ջուրեր կան եւ ուր սկսած է ծաղկիլ պաղեստինեան գարունը:

Անդրադառնալով Սուրիոյ կացութեան` Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու է Սուրիոյ ու սուրիացիներուն ապահովական կայունութեան եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան:

Լիբանանի մասին խօսելով` վարչապետ Միքաթի նշեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան` միջազգային ընտանիքէն պահանջելով ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան իր կարգին յարգէ այդ բանաձեւին գործադրութիւնը` կասեցնելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ամէնօրեայ դրութեամբ գործած իր ոտնձգութիւնները, ըլլան անոնք ցամաքային, օդային թէ ծովային:

Վարչապետ Միքաթի ակնարկեց նաեւ Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան եւ սուրիական բռնագրաւուած հողերուն եւ զանոնք երկու երկիրներուն վերադարձնելու կարեւորութեան:

Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին մասին խօսելով` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ այդ ատեանին եւ անոր ֆինանսաւորման:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ:

Վարչապետ Միքաթի` իր ելոյթին ընթացքին

Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային բանաձեւերը գործադրելու իր պատասխանատուութեան: Ան կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին սանձելու Իսրայէլի կողմէ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան դէմ կատարուած խախտումները:

Իր կարգին, Քի Մուն շեշտեց, որ իրենց համար կարեւոր է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու բարգաւաճումը` աւելցնելով, որ ՄԱԿ գոհ է լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութենէն:

«Մեզի համար կարեւոր է նաեւ, որ Լիբանան հոգայ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը, ինչպէս նաեւ պաղեստինցի գաղթականները, եւ վերակառուցէ պաղեստինեան Նահր Պարետ գաղթակայանը», ըսաւ Քի Մուն:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային զարգացումները:

Տաւութօղլու դիտել տուաւ, որ Անգարա հետաքրքրուած է շրջանային իրադարձութիւններով, որոնց ծիրին մէջ ան կը զօրակցի խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան:

Տաւութօղլու նկատել տուաւ, որ Թուրքիա կը մերժէ Լիբանանի եւ Կիպրոսի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրը` քարիւղի եւ բնական կազի պեղման վերաբերեալ:

 

Share this Article
CATEGORIES