ԸՍՏ ՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԱՅԵՐՈՒ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԳՈՅԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՐԵԼԻ Է
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու յայտնած է, որ հայերու եւ ազրպէյճանցիներու գոյակցութիւնը կարելի է:
«Հայաստանը դրացի է: Հայաստանի մէջ կայ ե՛ւ ժողովուրդ, ե՛ւ ազգ: Անոնց մէջ կան նաեւ իմաստուն մարդիկ: Բնականաբար, այդ տագնապը օր մը պիտի աւարտի, եւ մենք դարձեալ միասին պիտի ապրինք: Այսօր Պաքուի մէջ 30 հազար հայ կ՛ապրի, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ գոյակցիլը կարելի է», ըսած է ազրպէյճանցի դիւանագէտը:
CATEGORIES Հայկական