ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ՍԹԻՒԸՆՍ ԴԱՐՁԵԱԼ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՇԱԼՔԷԻ ՄԱՐԶԻՉ
Երէկ, Պունտըսլիկայի կազմերէն Շալքէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ հոլանտացի Հուպ Սթիւընս դարձեալ նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ` փոխարինելով Ռալֆ Ռենկնիքը, որ նախորդ շաբաթ ներկայացուց իր հրաժարականը` առողջական պատճառներով:
57 տարեկան Սթիւընս, որ 1997-էն 2002 եղած է Շալքէի մարզիչ, մինչեւ յունիս 2013 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նախկին ակումբին հետ:
Ան եղած է նաեւ գերմանական Քէօլն, Համպուրկ եւ Հերթա Պերլին ակումբներուն, ինչպէս նաեւ Փ. Ս. Վ. Այնտհովընի (Հոլանտա) եւ Սալզպուրկի (Աւստրիա) մարզիչ:
CATEGORIES Մարզական

