ԵՒՐՕ-2012. ԱՅԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՏՈՄՍԵՐՈՒՆ ԳԻՆԸ` 45-60 ԵՒՐՕ

Յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին Եւրոպայի մէջ տեղի պիտի ունենան Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի վերջին հանգրուանի մրցումները:

Այդ օրը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրը պիտի ըլլայ Այիրի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Տապլին – Արենա մարզադաշտին վրայ, որ նաեւ կը կոչուի Աւիւա:

Տապլին – Արենա կը հանդիսանայ Այիրի ռակպիի եւ ֆութպոլի ազգային խումբերուն մարզադաշտը եւ կրնայ հիւրընկալել 51,700 հանդիսատես:

Արդէն իսկ յստակացած է Այիր – Հայաստան մրցումին տոմսերուն գինը: Տոմսերուն գինն է 45 եւ 60 եւրօ: Պատուոյ թրիպիւնին տոմսերուն գինն է 85 եւրօ, իսկ բոլոր փոքրերուն համար տոմսերուն գինը ճշդուած է 10 եւրօ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES