ԱՐԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԿԸ ՄԱՐԶՈՒԻ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՈՎ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Արա Յակոբեան, որ այս ամրան ընթացքին հեռացաւ Արարատ Երեւանէն, այժմ կը մարզուի անհատական ծրագիրով: Ան նպատակ ունի ֆիզիքական շատ լաւ վիճակի մէջ ըլլալ, որպէսզի ձմրան, երբ մարզիկներու փոխանցումները վերսկսին, կարենայ ամէն գնով ակումբի մը միանալ:
Յակոբեան, որ այժմ կը գտնուի Երեւան, Արարատը լքելէն ետք մեկնեցաւ Լեհաստան` փորձառական շրջան մը անցընելու համար տեղական կազմերէն մէկուն հետ: Սակայն չկարենալով հոն յաջողութիւն գտնել` վերադարձաւ հայրենիք:
CATEGORIES Մարզական