ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Վերամուտ է.
Զանգե՜րն անուշ կը հնչեն
«Զարթի՛ր, որդեակ» կը կանչեն,
Ամրան տաքէն ա՛լ յոգնած,
Հայ աշակերտն քրտնաջան
Մեղուի մը պէս ժրաջան
Դէպի դպրոց կը վազէ.
Լոյսի օճախը բաց է,
Հոն` փարոսներ կան անգին,
Կ՛ուզեն գործել անդադար
Տալու, մինչեւ շունչ վերջին,
Ու մանուկներն հայկազուն
Պիտ՛ պահեն մեր սուրբ լեզուն,
Որպէս պատգամը արի՛
Սահակի ու Մեսրոպի:

 

ԱԶՆԻՒ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

3/9/2011

Share this Article
CATEGORIES