ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքը գաղութ մը չի ներկայացներ, այլ` անոնց ծննդավայրն է անիկա: «Հետեւաբար, Արեւելքի մէջ քրիստոնէական գոյութեան պահպանումը իսլամներուն համար պէտք է առաջնահերթութիւն ըլլայ», ըսաւ ան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքները ազգային են եւ կը միտին ամրապնդել երկրին ազգային համերաշխութիւնը:
ՊԵՆԶԻՆԻ թիթեղին սակը արձանագրած է 300 լ. ոսկիի նուազում:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Լիպիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին լիպիացի պատասխանատուներուն հետ ստորագրած է 25 միլիոն տոլար արժողութեամբ քարիւղի համաձայնագիր մը:
ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիան շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ճնշում բանեցնէ Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան կասեցնէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործած իր ոտնձգութիւնները: Ան հաստատեց նաեւ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը զօրակցին Լիբանանի ապահովական կայունութեան:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման հարցը պէտք չէ քայքայէ կառավարութիւնը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ֆատել ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակին զինումը նախ եւ առաջ լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին իմաստութիւնը կը կայանայ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը ամրապնդելու անոր յանձնառու կեցուածքներուն մէջ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի, յատկապէս Մերժահիունի վերեւ` խախտելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը եւ ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի հոգեւոր պետերու Գ. վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ Վերտանի մէջ գտնուող տիւրզի համայնքի հոգեւոր կեդրոնին մէջ:
ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ պէտք է վերջ տալ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման հարցով երկրին մէջ ընթացք առած բանավէճին: «Այս մասին բոլոր կողմերը իրենց կեցուածքները յստակացուցած են, հետեւաբար` անհրաժեշտ է սպասել կառավարութեան նիստին` յստակ որոշումներ տալու համար», ըսաւ Նահհաս:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի գործադիր խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանէն դուրս կը գտնուի` Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող քանդիչ արարքներուն անոր մեղսակցութեան պատճառով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ շեշտեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ արաբական երկիրներուն մէջ արձանագրուած իրարանցումները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունենան Լիբանանի մէջ արձանագրուած տնտեսական աճին վրայ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ մեկնեցաւ Փարիզ:
ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Խալետ Հատատէ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնի հետ: Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները: