ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հետ, որուն փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները` նախանցեալ օր Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցած իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր վեհաժողովին արդիւնքներուն գծով:
Նախագահ Սլէյման միւֆթի Քապպանիի եւ բոլոր հոգեւոր պետերուն յաջողութիւն մաղթեց` երկրին ազգային միասնականութիւնն ու իսլամ -քրիստոնեայ գոյակցութիւնը ամրապնդելու ծիրին մէջ:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Պաապտայի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ նախարարական տարբեր յանձնախումբերուն ստանձնած աշխատանքներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել: Քննարկուեցաւ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ապտալլա Ֆարհաթ: