«ԵԹԷ ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻ ԿՈՂՄԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ՈՒԺ ԿԻՐԱՐԿԷ, ՌՈՒՍԻԱ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԵԼԻՆ ՊԻՏԻ ԸՆԷ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԼԱՒՐՈՎ

Սերկէյ Լաւրով

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 66-րդ նստաշրջանին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, յայտարարած է, որ եթէ կողմերէն մէկը ապօրինաբար ուժ կիրարկէ, Ռուսիա պատրաստ է շրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման համար կարելին ընելու:

«Խնդիրի խաղաղ լուծման համար մենք կը շարունակենք առաջադրել լրացուցիչ կարելիութիւններ, որոնք ի յայտ եկած են Ռուսիոյ ջանքերուն եւ միջնորդութեան իբրեւ արդիւնք: Մենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ գործընկերներ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ միասին պիտի շարունակենք յառաջ շարժել տագնապին խաղաղ լուծումը», ըսած է ան:

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Ընդհանուր ժողովին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ պնդած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթը գործընթացը պէտք է սկսի «ազրպէյճանական բռնագրաւուած տարածքներէն հայկական զօրքերուն հեռացումով»:

 

Share this Article
CATEGORIES