ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՍԱՐՔՈԶԻԻ ՀԵՏ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր սկսաւ Ֆրանսա իր եռօրեայ պետական այցելութեան:
Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք, ան ընթրիք ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի երեսփոխաններուն հետ: Իսկ երէկ կէսօրէ ետք Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի իր նստավայրին մէջ ընդունեց Հայաստանի նախագահը:
Ֆրանսայի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ երկու նախագահները միասին ճաշած են եւ քննարկած են շարք մը հարցեր, ինչպէս` երկու երկիրներուն փոխադարձ յարաբերութիւնները, Հարաւային Կովկասի եւ յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի տագնապները, ինչպէս նաեւ անդրադարձած են միջազգային կարեւոր խնդիրներու:
«Նախագահ Սարգսեանի Ֆրանսա կատարած պաշտօնական այցելութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ ընդգծելու համար երկու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բացառիկ բարեկամութիւնը եւ նոր զարկ պիտի տայ համագործակցութեան», նշուած է Ֆրանսայի նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Կ՛ենթադրուի, որ երկու նախագահները քննարկեցին նաեւ Սարքոզիի յառաջիկայ այցելութիւնը Հայաստան: Ֆրանսայի նախագահը հոկտեմբերի սկիզբը պիտի այցելէ Հարաւային Կովկաս:
Երէկ երեկոյեան Փարիզի «Օլիմփիա» համերգասրահին մէջ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն կրկնակի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ «Շարլ Ազնաւուրը եւ անոր բարեկամները» համերգը: Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան նուիրուած համերգին հասոյթը պիտի յատկացուի «Ազնաւուրը Հայաստանի համար» բարեգործական կազմակերպութեան:
Այսօր Հայաստանի նախագահի պատուին հանդիսաւոր ընդունելութիւն մը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ: Քաղաքապետ Պերթրան Տէ-Լանոյի կազմակերպած ընդունելութեան հրաւիրուած է նաեւ հայ համայնքը:


