ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՍԱՐԳԻՍ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԴԷՄ` ՓԻՒՆԻԿ – ԻՄՓՈՒԼՍ ՄՐՑՈՒՄԸ ԿՐԿՆԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ 24 սեպտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը աննախադէպ որոշում մը տուաւ` յայտարարելով, որ Փիւնիկ – Իմփուլս Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումը պիտի կրկնուի` իրաւարարական կոպիտ սխալները տեսնելէ ետք:

Բանանց Երեւանի պաշտօնական կայքէջը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր նշուեցաւ, որ ակումբի նախագահ Սարգիս Իսրայէլեան այդ մրցումը կրկնելու որոշումին դէմ արտայայտուած է:

Լաւագոյն քառեակին մէջ մտնելու համար, Բանանց, Իմփուլս եւ Միքա այժմէն իսկ մեծ պայքար կը տանին:

Իսրայէլեան կ՛ըսէ, որ եթէ պատահի, որ Իմփուլս յաղթէ Փիւնիկին, ապա անիկա վերջինիս վրայ ունեցած կէտերու տարբերութիւնը պիտի բարձրացնէ չորսի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES