ՏԵՍԱԿԷՏ. ՎԵՐԱՄՈՒՏ` ԱՌԱՆՑ ԶԱՆԳԻ
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Այս տարի տարօրինակ բան մը կայ մեր գաղութին մէջ: Տարօրինակը այն էր, որ վերամուտը դիմաւորեցինք առանց զանգի:
Արդեօ՞ք բոլոր հարցերը լուծած ենք եւ ըսելիք չմնաց վերամուտի առիթով, թէ՞ յոգնեցանք խօսելէն ու գրելէն ալ, ինչպէս ամէն բան, ձգեցինք հովին. այսպէս ալ կ՛ըլլայ, այդպէս ալ կ՛ըլլայի հոգեբանութեամբ կը քալենք:
Ընդհանրապէս վերամուտին դպրոցի տնօրէնները, ուսուցիչները կամ կրթական մարմինները, քարոզչական, կազմակերպչական աշխատանք կը տանէին: Օտար վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտութեան հոսանքին դէմ արշաւ կը տարուէր, մտահոգութիւններ կը մատնանշուէր: Տագնապը կ՛արձագանգէր, ի՞նչ եղաւ, ամէն բան լա՞ւ է ուրեմն:
Վերամուտի առիթով բնաւ ըսելիք չկա՞յ: Հայերէնի ուսուցիչ դիւրի՞ն է գտնելը: Դպրոցները մարդուժի տագնապ չունի՞ն: Նիւթապէս նոր մարտահրաւէրներ չե՞նք դիմագրաւեր: Դասագիրքերու բոլոր հարցերը լուծուա՞ծ են:
Չե՛մ կարծեր:
Օտար վարժարաններու հայ աշակերտութեան հոսքը շատցած է: Մէկը միւսին նայելով, համեստը եւ ինքնաբաւը ինքզինքին արտօնած է օտար վարժարան արձանագրուելու, եւ այս երեւոյթը հակակշռող չկայ: Տագնապ մը, որ տարուէ տարի իր թափը առած է, եւ ոչ ոք կը զգայ գալիք աղէտը:
Առաջին հերթին, այսօր մեր դպրոցներն են, որ կը հարուածուին: Վաղը այս սերունդը, որ օտար վարժարաններու մէջ հասակ կը նետէ, իր հարուածը պիտի տայ մեր ազգային, միութենական, կրօնական թէ հասարակական կազմակերպութիւններուն մէջ` իր անտարբերութեամբ, կազմաւորմամբ կամ ալ քմահաճ մասնակցութեամբ: Այսօր արդէն այդ շրջանակներէն քանի մը հոգին կը համտեսենք մեր միութիւններուն մէջ:
Վերամուտը առանց զանգի դիմաւորելը կրկնակի վտանգ մըն է մեր գաղութի դիմագիծին: Մենք բոլորս ընելիք ունինք վստահաբար: Քահանաներով, ուսուցիչներով, տնօրէններով, կրթական պատասխանատուներով, թերթով, ձայնասփիւռով, հեռատեսիլով տագնապները պէտք է շեշտենք, հարցերը պէտք է մատնանշենք, մինչեւ ծայր պէտք է երթանք:
Մինչեւ ե՞րբ հարցերը տեսնելով` ջայլամի քաղաքականութիւն վարենք: Մինչեւ ե՞րբ ամէն բան վարդագոյն տեսնենք եւ հեռուն երեւցող ահաւոր տագնապը չապրինք:
Վերամուտ է: Պէտք է ամէն բանէ առաջ մեր հոգիներու վերամուտը պատրաստենք, որպէսզի կարենանք հաւաքաբար դիմագրաւել դժուարութիւնները: