ՄԻՆՉ ՖՐԱՆՍԱ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԹԵՀՐԱՆԻՆ ԿԱՆԽԱՐԳԵԼԻՉ ՀԱՐՈՒԱԾ ՀԱՍՑՆԵԼ ԻՐԱՆ ՄՏԱԴԻՐ Է ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՓԵՐՈՒՆ ՄՕՏ ՄԱՐՏԱՆԱՒԵՐ ՈՒՂԱՐԿԵԼՈՒ
«Առ.պի.Էս.» կը հաղորդէ, որ Իրանի մարտանաւերը մօտիկ ապագային կրնան Միացեալ Նահանգներու ափերուն մօտ յայտնուիլ: Իրանի իշխանութիւնները արդէն այդ կարելիութիւնը կը քննարկեն:
Դէպի Միացեալ Նահանգներ իրանեան մարտանաւերու ուղարկման մասին յայտարարած է Իրանի ծովուժի հրամանատար Հապիպուլա Սայարի: Ան շեշտած է, որ ատիկա կրնայ պատասխան դառնալ Իրանի ափերուն մօտ ամերիկեան ռազմանաւերու ներկայութեան: «Իրանի ափերուն մօտ ամերիկեան նաւերու գոյութիւնը մեզի իրաւունք կու տայ մեր նաւերը ունենալ Միացեալ Նահանգներու ափերուն մօտ», ըսած է ան:
Նշենք, որ Իրանի դրացի քանի մը երկիրներուն մէջ ամերիկեան ռազմակայաններ կան, իսկ Պարսից ծոցին մէջ մարտական հերթապահութիւն կը կատարեն Միացեալ Նահանգներու ծովուժի հարուածային խումբեր:
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժերար Արոն յայտարարած է, որ Իրան կրնայ զինուորական հարուածի սպառնալիքի առջեւ կանգնիլ, եթէ շարունակէ հիւլէական ծրագիրները գործադրել: Ըստ անոր, որոշ երկիրներ չեն կրնար համակերպիլ հիւլէական զէնքին` այաթոլաներու ծայրայեղական վարչակարգի ձեռքին մէջ յայտնուելուն հաւանականութեան հետ:
Արոն իր յայտարարութեամբ մեկնաբանած է երեքշաբթի օր Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի այն յայտարարութիւնը, որուն մէջ Սարքոզի չէր բացառած Իրանին կանխարգելիչ հարուածներ հասցնելու հաւանականութիւնը:


