«ՀՅԴ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇԱՀԵՐԸ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ԻՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Սաութ Լուպնան-Հուրիա ուա քարամա» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք հանգիստ կը զգայ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին արտայայտած կեցուածքներուն նկատմամբ:
Յ. Բագրատունի նկատել տուաւ, որ մարոնի պատրիարքին դերակատարութիւնը հիմնական է եւ անհրաժեշտ` ժողովուրդին գուրգուրալու առումով եւ ոչ թէ քաղաքական տեսակէտներ արտայայտելով:
Անդրադառնալով Ռայի պատրիարքին կողմէ Սուրիա կատարուելիք այցելութեան հաւանականութեան` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ այցելութիւնը պիտի ըլլայ երկրին եւ ոչ թէ վարչակազմին:
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորման մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ տակաւին յստակ կեցուածք չէ ճշդած այդ մասին, «սակայն ՀՅԴ պատասխանատու պիտի մնայ Լիբանանի շահերը ապահովելու իր յանձնառութեան մէջ», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Անդրադառնալով ընտրական նոր օրէնքին` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ իրենք կը զօրակցին փոքր ընտրաշրջաններու հիման վրայ կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն` շեշտելով, որ պէտք է կատարել այնպիսի ընտրութիւններ, որոնք ներկայացուցչութեան մեծագոյն համեմատութիւնը կ՛ապահովեն: