ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 5 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ԳԱՆՁԱՍԱՐ – ՔԱՐԼՍՐՈՒՀԷ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ` ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Գանձասար Կապանի ֆութպոլի խումբի պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ յառաջիկայ 5 հոկտեմբերին, Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցում մը` Գանձասարի եւ գերմանական Քարլսրուհէ ակումբին միջեւ: Վերջինս իր մասնակցութիւնը կը բերէ Գերմանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան:
Գանձասարի նախագահ Մաքսիմ Յակոբեան յայտնեց, որ այս մրցումը կազմակերպուած է երկու ակումբներու պատասխանատուներուն գործակցութեամբ:
Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցում մը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկային` Գերմանիոյ մէջ:
Յակոբեան ըսաւ, որ այս մրցումին համար դաշտ մուտքը ազատ է:
CATEGORIES Մարզական

