ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԱՍԻՈՅ 20-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ` ՄԱՔԱՈՅԻ ՄԷՋ
Ասիոյ փինկ փոնկի ֆետերասիոնը Չինաստանի մէջ գումարած իր ժողովին որոշեց, որ փինկ փոնկի Ասիոյ 20-րդ ախոյեանութիւնը փոխան Լիբանանի տեղի պիտի ունենայ Մաքաոյի մէջ:
Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար յառաջիկայ ամիս` հոկտեմբերին: Սակայն Լիբանան Ասիոյ ֆետերասիոնէն ներում հայցած էր ըսելով, որ պիտի չկարենայ այդ ախոյեանութիւնը հիւրընկալել` ապահովական պատճառներով: Այսուհանդերձ այնպէս կը թուի, որ լիբանանեան քայլը առնուած էր նիւթական պատճառով:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի միջամտութիւնը պատճառ դարձած էր, որ այդ մէկը յետաձգուի, նախքան Մաքաօ փոխադրուիլը:
Նշենք, որ Մաքաոյի կառավարութիւնը պիտի ստանձնէ բոլոր ծախսերը 500 անձերուն, որոնք պիտի տեղադրուին հինգ աստղանի պանդոկներու մէջ` մրցաշարքին ամբողջ տեւողութեան: