ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ԱԶԴԱՐԱՐԵՑ «ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔՆԵՐՈՒ ՍԿԻԶԲԸ»

Երէկուան հանրահաւաքին մասնակիցներ

Ընդդիմադիր հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան երէկ երեկոյեան Ազատութիւն հրապարակին վրայ ազդարարեց «շուրջօրեայ հանրահաւաքներու սկիզբը»:

Ընդառաջելով հանրահաւաքի մասնակիցներուն ցանկութեան եւ քոնկրեսի պատասխանատուներուն միջեւ խորհրդակցութեան իբրեւ արդիւնք, շուրջօրեայ հանրահաւաքներ եւ նստացոյց սկսելու մասին որոշում տրուեցաւ:

Երէկուան հանրահաւաքին ընթացքին որոշուեցաւ շուրջօրեայ հանրահաւաքներու եւ նստացոյցի տեւողութիւնը սահմանել մէկ շաբաթով եւ իշխանութիւններուն առջեւ դնել նոյն պահանջները, զորս քոնկրեսի ղեկավարը դրած էր նախորդ հանրահաւաքին:

Հայ ազգային քոնկրեսի առաջնորդը կրկին յայտարարեց, որ իրենք «առաւելապաշտ չեն եւ պատրաստ են լրջօրէն վերաբերելու առաջին 2 պահանջներուն»: Առաջին` անոնք պատրաստ են արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, իսկ երկրորդ` Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւններուն վերաբերեալ իշխանութիւններուն առաջարկած որեւէ «ողջմիտ փոխզիջման:

«Աւելի՛ն` նկատի ունենալով, որ Տիգրան Առաքելեան նամակով դիմած է մեզի` խնդրելով, որ իր բանտարկութիւնը խոչընդոտ չ՛ըլլայ երկխօսութիւնը շարունակելու համար, մենք պատրաստ ենք նաեւ վաղն իսկ շուրջօրեայ հանրահաւաքներուն զուգահեռ երկխօսութեան սկսելու իշխանութիւններուն հետ», յայտարարեց Լեւոն Տէր Պետրոսեան` պարզաբանելով. «Այսինքն` երկու հոլովոյթներ կրնան ըլլալ. մէկը` այս հրապարակին վրայ, միւսը` որեւէ այլ սրահի մէջ, երկխօսելով իշխանութիւններուն հետ»:

Աւելի ուշ Ազատութիւն հրապարակին վրայ Հայ ազգային Քոնկրեսի համակիրները վրաններ կը տեղադրեն:

Share this Article
CATEGORIES