ԽԱՄԵՆԷԻ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի քննադատած է պաղեստինեան ղեկավարութիւնը, որ, ըստ իրեն, ՄԱԿ-ի կողմէ ճանաչում ապահովելու համար անհրաժեշտ ջանքը չի թափեր:
Ըստ Խամենէիի, պաղեստինեւիսրայէլեան հարցը երկու պետութիւն ստեղծելու ճամբով լուծելու փորձերը ձախողութեան դատապարտուած են:
Թեհրանի մէջ Պաղեստինեան ինթիֆատայի զօրակցութեան միջազգային 5-րդ խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին ընթացքին Խամենէի յայտարարած է, որ վիճելի բոլոր տարածքները պաղեստինցիներուն կը պատկանին եւ Պաղեստինեան իշխանութիւնը պէտք չէ 1967-ի սահմաններով պետութիւն ստեղծելուն վրայ կեդրոնանայ:
CATEGORIES Միջազգային