«ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԻ ԻՍԼԱՄՆԵՐԸ ԹԻԿՈՒՆՔԷՆ ՀԱՐՈՒԱԾԵՑ» Կ՛ԸՍԷ ԱՅԱԹՈԼԼԱ ՇԻՐԱԶԻ
«ՄիկՆիուզ» կը հաղորդէ, որ այաթոլլա Նասեր Մաքարեմ Շիրազի Թեհրանի մէջ ուրբաթօրեայ նամազին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ անդրադարձած է ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին առջեւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արտասանած խօսքին եւ յայտարարած. «Թուրքիա ամբողջ աշխարհի իսլամներուն թիկունքէն դանակով հարուածեց»:
«Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը կը պնդէ, որ իրենք Իսրայէլի վարչակարգին հետ բարեկամական որեւէ յարաբերութիւն չունին, սակայն անոնց արարքները հակառակը կը պնդեն: Ամէն ոք թող ինքն իրեն հարց տայ, թէ ինչո՞ւ Թուրքիա Իսրայէլի քաղաքականութիւնը կը պաշտպանէ, եւ ինչո՞ւ ամբողջ աշխարհի իսլամները կը լռեն եւ անոր դէմ ոչինչի կը ձեռնարկեն: Թրքական փուտըլները (շունի տեսակ. «Ա.») կ՛իրականացնեն այն քաղաքականութիւնը, որ ամերիկացի եւ սէուտցի տէրերը անոնց կը թելադրեն` Սուրիան տանելով դէպի քաղաքացիական պատերազմ», ըսած է ան:


