ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐ` ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԶԱՆԱԶԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին առջեւ գտած է լարուած ական մը, որ կը գտնուէր գաղթակայանին մուտքին գտնուող լիբանանեան բանակի անցարգելէն 50 մեթր հեռաւորութեան վրայ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակի սակրաւորները աշխատած են վնասազերծել ականը:
Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ շաբաթ երեկոյեան Թըպպանէի Նասիրի մզկիթին մօտակայքը արձանագրուեցաւ պայթում մը, որուն պատճառով վիրաւորուեցան Հալա Եունես անունով կին մը եւ անոր երկու դուստրերը, որոնցմէ մէկը 5 տարեկան էր, իսկ միւսը` 3:
Վիրաւորները անմիջապէս փոխադրուեցան Թրիփոլիի «Խէյրի» հիւանդանոցը:
Ներքին ապահովութեան ուժերը անմիջապէս հետաքննութիւն բացին պայթումին շուրջ:
ԲԱՆԱԿԻ հրամանատարութեան կողմէ հրապարակուած այլ հաղորդագրութիւն մը նկատել տուաւ, որ Պընթ Ժպէյլի եւ Այթարունի վերեւ իսրայէլեան «Էմ. Քա.» տիպի հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ կատարած են: