«ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՄԻՋԱԴԷՊԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՄԵՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՓԱՐԱՏԱԾ ԵՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՔԱՐԱՄԷ

Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին իմացած է, թէ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը այն չէ, ինչ որ ամբողջ աշխարհին կը ներկայացուի տեղեկատուական միջոցներուն եւ լսատեսողական լրատուամիջոցներուն կողմէ:

Քարամէ նշեց, որ նախագահ Ասատ հաստատած է, որ Սուրիոյ տագնապը արդէն վերջ գտած է, իրենք արդէն իսկ միջադէպերուն էջը փակած են` փարատելով իրենց մտավախութիւնները եւ հակակշռելով երկրին կացութիւնը:

Քարամէ յայտնեց, որ սուրիական ապահովական եւ քաղաքական կառոյցները կրցած են հակակշիռի տակ առնել երկրին կացութիւնը, յատկապէս վերջին հանգրուանին:

 

Share this Article
CATEGORIES