ՌՈՒՍԻԱ ԿՐՆԱՅ ՀՐԱԺԱՐԻԼ «ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՀՈՍՔ»ԷՆ
Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսիան կրնայ հրաժարիլ «Հարաւային հոսք» խողովակաշարի շինարարութենէն, եթէ «անյաղթահարելի խոչընդոտներ ըլլան», այդ պարագային իբրեւ այլընտրանք, Սեւ ծովու ափին պիտի կառուցուի կազի հեղուկացման գործարան:
Իսկ ըստ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Իկոր Սեչինի, չորեքշաբթի օր Քրեմլինի մէջ տեղի ունեցած ռուս-թրքական բանակցութիւններու ընթացքին ռուսական կողմը չէ յաջողած համոզել Թուրքիան «Հարաւային հոսք»ի խողովակները կառուցել Սեւ ծովու յատակի` Թուրքիոյ բացառիկ տնտեսական գօտի նկատուող հատուածին մէջ:
Այդ բոլորէն ետք Մոսկուան կը քննարկէ նախագիծի աժանացման տարբերակները, որոնց շարքին` դէպի Եւրոպա ռուսական կազը ոչ թէ խողովակաշարով, այլ` հեղուկացուած վիճակի մէջ տեղափոխելու հարցը: