ԴՈՒՔ ԱԼ ԽՆԴՐԵՑԷ՛Ք, ՊՐՆ. ԷՐՏՈՂԱՆ

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Ինքզինք Օսմանեան կայսրութեան սուլթաններէն մէկը կարծող, խօսքով, գործով ու վարքով «փաշաներ»էն չզանազանուող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու իր կառավարութիւնը խզեցին իրենց բազմամակարդակ յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ:

Տարիներ շարունակ Թուրքիա-Իսրայէլ զարգացող ու խորացող յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն նահանջ արձանագրեցին եւ Կազաուղղուած օժանդակութիւններու «Ազատութեան» նաւատորմիղին վրայ տեղի ունեցած յարձակումով հասան լարուածութեան գագաթնակէտին:Դէպքին օրէն Թուրքիան Իսրայէլէն կը պահանջէ պաշտօնական ներողութիւն խնդրել «Ազատութեան» նաւատորմիղին վրայ յարձակելուն ու անոր իբրեւ հետեւանք սպաննուած 9 թուրքերուն համար: Իսրայէլ իր կարգին, յարձակողական այս արարքը ինքնապաշտպանութիւն կը նկատէ եւ պատրաստակամութիւն չի յայտներ ներողութիւն խնդրելու: Այս իրողութիւնը Էրտողանը լաւագոյնս չարաշահելով` նոր «թատերախաղ» մը բեմադրեց, եւ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները սառեցման հանգրուանի տարաւ, նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ պաշտօնավարող Թել Աւիւի դեսպանը վտարեց:

Շրջանի անցուդարձերուն եւ քաղաքականութեան հետեւող իւրաքանչիւր տրամաբանող շատ լաւ կը գիտակցի, որ Էրտողանի այս քայլերը միա՛յն Իսրայէլէն ներողութիւն չստանալուն պատճառով չէ: Վերլուծաբանները յարաբերութիւններու վատթարացման պատճառներէն կը նկատեն` ա – Թուրքիոյ մէջ Իսրայէլի հետ սերտ յարաբերութիւններ ունեցող բանակին ու սպայակոյտին դերակատարութեան ու ազդեցութեան նուազումը, բ – շրջանին մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան կրկնապատկումն ու դիրքերու ամրագրումը եւ գ – արաբական ու իսլամական աշխարհի ընդհանուր կարծիքի սիրաշահումը:

Ամէն պարագայի, ի՛նչ ալ ըլլան Էրտողանի նպատակները, պէտք է հաստատել, որ մարդկային արդարութեան, ազատութեան ու իրաւունքներուն հաւատացող ամէն ոք կը դատապարտէ Իսրաէյլի տմարդի ու ոճրային արարքը, ներողութիւն խնդրելու պահանջ կը ներկայացնէ: Այո՛, Իսրայէլը ներողութիւն պէտք է խնդրէ սպաննուած 9 թուրքերուն համար: Մենք` հայերս այսպէս դաստիարակուած ենք, նոյնիսկ մեր թշնամիներուն նկատմամբ գործադրուած յանցագործութիւններուն արդարադատ մօտեցում կը ցուցաբերենք… Այս կը թելադրէ հայկական ազնուականութիւնը…

Սակայն խնդիրը բարոյական այլ իմաստ կը ստանայ, երբ նորողութիւն պահանջողը ի՛նք եւս ներողութիւն խնդրելու պատմական պարտաւորութեան առջեւ կը կանգնի: Ինչպէ՞ս կարելի է ներողութիւն պահանջել բանի մը համար, երբ տակաւին պահանջողը քաջութիւն չունի իր գործած ահաւոր ոճրագործութիւնները ընդունելու եւ ներողութիւն խնդրելու: Պարոն Էրտողանը Իսրայէլէն ներողութիւն խնդրելու պահանջին կողքին անդրադառնալու է, որ ի՛նք եւս մեծ ու անժամանցելի ներողութիւն պիտի խնդրէ հայ ժողովուրդէն:

Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին ներկայացուելիք ներողութեան պատճառները յստակ են բոլորիս համար, բայց կարծէք պարոն Էրտողանը յաճախ կ՛անտեսէ ու մոռացութեան տոպրակը կը նետէ զանոնք: Էրտողանն ու իր կառավարութիւնը նախ ճանչնալու են իրենց նախնիներուն կողմէ ծրագրուած, կազմակերպուած ու գործադրուած 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը, որուն պատճառով  ամբողջ ժողովուրդ մը արմատախիլ եղաւ իր բազմադարեան հայրենիքէն, ողջակիզման, բնաջնջման, սպանդի, կողոպուտի, ու բարբարոսութիւններու  ենթարկուեցաւ եւ մէկ ու կէս միլիոն անմեղ նահատակներու կեանքերու վերջակէտ դրաւ:

Պատմական այս իրողութիւնը ընդունելէ ետք, Թուրքիան, ներողութիւն խնդրելու կողքին, հատուցելու է հայ ժողովուրդի պատճառած աներեւակայելի վնասներուն` մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն արեան գինը, վերադարձնելու Արեւմտահայաստանի ամբողջ տարածքը, անոնց վրայ դարեր շարունակ կերտուած կալուածները, եկեղեցիները, բերդերն ու դպրոցները: Հատուցելու է նաեւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սփիւռքահայութեան` հայրենազրկումի, սփիւռքացման, հոգեկան ու ինքնութեան տագնապներուն, արեւմտահայերէնի նահանջին, պապենական բնօրրանէն արմատախիլ ընելուն պատճառով:

Մէկ կողմ ձգելով Թուրքիոյ հետապնդած յետին նպատակները, եթէ լոկ սպաննուած 9 թուրքի համար թրքական կառավարութիւնը դիւանագիտական այս խիստ քայլերուն դիմեց, ուրեմն մենք` հայերս մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն եւ վերոնշեալ կորուստներուն համար ինչե՜ր ու ինչե՜ր ընելու եւ պահանջելու իրաւատէրն ենք…

Share this Article
CATEGORIES