ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ «ՇԱՂԶՈՅԵԱՆ» ԿԵԴՐՈՆ
Երէկ` երկուշաբթի, 3 հոկտեմբերին, «Շաղզոյեան» կեդրոն այցելեց Նորվեկիոյ դեսպան Սըվէյն Աաս եւ ընդունուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի ու Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի կողմէ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային հարցեր, ինչպէս նաեւ յառաջիկային Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ նորվեկիացի մեծ մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսենի նուիրուած ձեռնարկներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
CATEGORIES Գաղութային