ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՇԷՆՔԻ ԿԱՌՈՒՑՈՒՄ` ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսի փափաքին` Լիբանանէն ազգային մը սիրով ստանձնեց բարերարութիւնը Պիքֆայայի վանքին մէջ կառուցուելիք միաբանական նոր շէնքին: Շէնքը պիտի կառուցուի եկեղեցւոյ անմիջական կողքին, ան պիտի բաղկանայ երեք յարկերէ եւ երեսուներեք սենեակներէ: Անոր կառուցումը պիտի արժէ շուրջ մէկ միլիոն տոլար: Շինութեան աշխատանքները շուտով պիտի սկսին կաթողիկոսարանի Կալուածոց յանձնախումբին հսկողութեամբ:
CATEGORIES Գաղութային