ԹԵՆԻՍ. ՃԱՓՈՆԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ՌՈՍՈԼԻ
Թոքիոյի մէջ (Ճափոն) երէկ սկսած թենիսի Ռաթիւքէն մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ ծանր պարտութեան մատնեց չեխ Լուքաս Ռոսոլը` 6-1 եւ 6-1 արդիւնքով: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց միայն` 49 վայրկեան:
Բ. հանգրուանին Նալպանտեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Իվան Տոտիկ (Խրուաթիա), որ քիչ մը դժուարութեամբ յաղթեց արժանթինցի Խուան Մոնաքոյի (8-րդ)` 6-2, 2-6 եւ 7-6 արդիւնքով: Այս մրցումը տեւեց 2 ժամ եւ 42 վայրկեան:
Բ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց նաեւ թիւ 1 դասուած (այս մրցաշարքին գծով) Ռաֆայէլ Նատալ (Սպանիա), որ յաղթեց 40 Սոյետայի (Ճափոն)` 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով:
CATEGORIES Մարզական


