ԱՐԱԶ ՕԶՊԻԼԻՍ ԺԱՄԱՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Արազ Օզպիլիս

Հոլանտական Այաքս Ամսթերտամի մաս կազմող հայ ֆութպոլիստ Արազ Օզպիլիս երէկ ժամանեց Երեւան` մասնակցելու համար Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հաւաքին:

Արազ Օզպիլիսը Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորելու եկած էին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչներ եւ ֆութպոլասէրներ: Վերջիններուն կողմէ Հայաստանի ազգային հաւաքականին վզկապը ստանալէ ետք, Օզպիլիս կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Շատ երջանիկ կը զգամ ինքզինքս, որ ժամանեցի Հայաստան: Ինծի համար մեծ պատիւ է հոս գտնուիլը եւ Հայաստանի ու մեր հաւաքականին մէկ մասնիկը ըլլալը: Թէեւ Հայաստան ժամանեցի, բայց վստահ չեմ, որ մրցումի կրնամ մասնակցիլ, որովհետեւ երեք շաբաթէ ի վեր մրցում չեմ կատարեր` վիրաւոր ըլլալուս պատճառով: Յամենայն դէպս, կը կարծեմ, որ ընտրութիւնը բաւական դժուար եղաւ: Բայց ես վստահ եմ, որ տուած եմ ճիշդ որոշում մը, որուն համար ինքզինքս շատ ուրախ կը զգամ»:

21 տարեկան Օզպիլիս, որ նախորդ օգոստոսի սկիզբը տեսնուած էր Հոլանտայի ֆութպոլի երիտասարդներու ազգային խումբին ընդլայնուած կազմին մէջ, կը կարծուէր (եւ այն մտավախութիւնը կար), որ կ՛ընդունի այդ երկրի ֆութպոլի ֆետերասիոնին առաջարկը:

Հայաստան ժամանումէն կարճ ատեն մը ետք, Երեւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան ներկայացուց Հայաստանի հաւաքականին նոր անդամը` անոր տրամադրութեան տակ դնելով թիւ 23 շապիկը:

Ապա Հայրապետեան յայտարարեց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով, Օզպիլիս ստացաւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ անձնագիր: Նախագահականի աշխատակիցը ապա կարդաց հրամանագիրը, որուն յաջորդեց «Մեր հայրենիք» քայլերգին ունկնդրութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES