ԵՐՈՒԱՆԴ ԶԱՆԱԶԱՆԵԱՆ` ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՀԱՐՍԱՆԵԿԱՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԻՆԵՐՈՒ ՀՆԳԵԱԿԻՆ ՄԷՋ

Հայ լուսանկարիչ Երուանդ Զանազանեան աշխարհի լաւագոյն հարսանեկան լուսանկարիչներու հնգեակին մէջ է: Ան ծնած է Եթովպիա, կ՛ապրի եւ կ՛աշխատի Աւստրալիոյ մէջ. աշխարհի ամէնէն սուղ լուսանկարիչներէն մէկն է, ունի իր աշխարհահռչակ մակնիշը` «Yervant»: (www.yervant.com) Անոր լուսանկարիչ կինը` Անին եւ որդիները եւս ներգրաւուած են ընտանեկան գործին մէջ: Զայն ներկայացուց «Աշխարհի հայերը» հաղորդումը:

Եթովպիոյ մէջ Երուանդ Զանազանեանի հայրը եղած է արքունական ոսկերիչ: Եթովպիահայ համայնքի մասին պատմելու ընթացքին Զանազանեան նշեց, որ հայերը եթովպիացիներու կողմէ թէ՛ սիրուած եւ թէ՛ յարգուած էին, ընկերական-բարեկամական կապեր ունէին հեղինակաւոր ընտանիքներու հետ: «1000 հոգի էինք, բայց` կազմակերպուած, ունէինք չորս գմբէթով հայկական եկեղեցի, նախակրթարան ունէինք», պատմած է ան: Անոր հայրը նոյնպէս եղած է լուսանկարիչ` արքունիքի լուսանկարիչը:

Երուանդ Զանազանեան իր առաջին պարգեւը մասնագիտական լուսանկարչութեան ասպարէզին մէջ ստացած է ինը տարեկանին` հօր անունով մրցոյթին ներկայացնելով իր աշխատանքը: 11 տարեկանին զայն պարգեւատրած է Եթովպիոյ արքայ Հայլէ Սելասիս: Ան արժանացած է դիմանկարային լուսանկարչութեան բարձրագոյն պարգեւի, երեք տարի շարունակ ճանչցուած է լաւագոյն հարսանեկան լուսանկարիչը:

Հարսանեկան լուսանկարչութիւնը անոր հաճելի կը թուէր` իւրաքանչիւրի պահը որսալու կարեւորութեամբ. «Չես կրնար կրկնել, ամէն բան կատարեալ պիտի նկարես ճի՛շդ պահուն»,- ըսած է ան: Իր հայեացքին տակ ամէն հարս գեղեցիկ է իւրովի, եւ իր խնդիրն է այդ գեղեցկութիւնը ներկայացնելը:

Ան յիշած է իր հարսանիքի արարողութիւնը. հրաւիրելով իր լուսանկարիչ ծանօթներէն մէկը` ան հարսանիքի ամբողջ տեւողութեան անդադար քննդատած է անոր աշխատանքը:

Լուսանկարչութեան համակարգչային մշակման Երուանդ Զանազանեանի հեղինակած համակարգը իր ժամանակին նոր խօսք էր լուսանկարչութեան մէջ: Թուային նկարները համակարգող այս ծրագիրը ներկայացնելով Լաս Վեկասի գիտաժողովին` ան հիացուցած է ոչ միայն ճարտարագիտական ինքնատիպ լուծումով, այլեւ` իր լուսանկարներով: «Երբ կը ներկայացնէի, կ՛ըսէին` ասիկա լուսանկարողը ո՞վ է. լուսանկարողները նոր անդրադարձան, որ իմ նկարներս են: Այնուհետեւ ամէն տարի կը հրաւիրեն զիս, հինգ-վեց հազար հոգիի առջեւ կը խօսիմ»,- նշած է ան: Անոր վարպետաց դասերուն կը յաճախեն արդէն կայացած լուսանկարիչներ:

Լուսանկարչութիւնը, ըստ Երուանդ Զանազանեանի, շահաւէտ է, եթէ ճիշդ կազմակերպես: Անոր ծառայութիւնները կ՛արժեն մօտ 20-100 հազար տոլար:

Լուսանկարչական գործարարութեան մէջ յայտնի են բազմաթիւ հայեր օրինակ` Երուսաղէմի մէջ բոլոր ճանչցուած լուսանկարիչները հայ են: «Հայերը շատ կարող են, եւ արուեստագէտ են. արուեստագէտի ցեղ ենք` դերձակ, տիզայնըր, շատերը իրենց անունը փոխած են, բայց պատմականօրէն շատ յարգուած ենք դուրսի քաղաքներուն մէջ», ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ հայերը լուսանկարչութեան հիմնադիրներն են Թուրքիոյ, Իրանի, Եգիպտոսի, Պաղեստինի, եւ նոյնիսկ Ֆրանսայի ու Վրաստանի մէջ: Հայկական լուսանկարչութիւնը ծնունդ առած է Կոնստանդնուպոլսոյ մէջ: Օսմանեան կայսրութեան առաջին լուսանկարիչները եղած են Գէորգ, Յովսէփ եւ Վիգէն Ապտուլահմեանները: Պաղեստինի առաջին լուսանկարիչը եղած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Եսայի Կարապետեանը. իր աշակերտներուն հետ ան Սուրբ Յակոբ վանքին մէջ ստեղծած է լուսանկարչութեան արուեստանոց, ուր թէ՛ հայերուն եւ թէ՛ արաբներուն հնարաւորութիւն տուած է բացայայտել լուսանկարչական արուեստի գաղտնիքները:

Աշխարհի ամէնէն յայտնի հայ լուսանկարիչը Եուսուֆ Քարշն է` Յովսէփ Քարշլեան: Ան հասցուցած է պատկերել 20-րդ դարու 100 մեծագոյն գործիչներէն 51-ը: Անոր կը պատկանին Ուինսթըն Չըրչիլի, Էռնեսթ Հեմինկուէյի, Ալպերթ Այնշթայնի, Ֆիտել Քասթրոյի, Օտրի Հեպպըռնի, Ճոն Քենետիի, Փապլօ Փիքասոյի, Նիքիթա Խրուշչովի ամէնէն յայտնի լուսանկարները:

 

ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ԿԱՐԾԻՔԷՆ Կ՛ԱԶԴՈՒԻ՞Ք

Շատեր չունին անձնական կարծիք ու կեցուածք եւ կ՛արտօնեն, որ ուրիշներ թելադրեն իրենց ըսելիքն ու ընելիքը: Ինքնավստահութեան պակա՞ս, սխալելու վա՞խ…

Իսկ դո՞ւք, ուրիշներէն դիւրաւ կ՛ազդուիք, թէ՞ ունիք ձեր անձնական համոզումները եւ հարցերը վերլուծելու ձեր ոճը: Իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 6 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:

1

Կարեւոր որոշում մը տալու պարագային`

ա.- Երկար կը մտածէք` քննելով թեր ու դէմ կողմերը:
բ.- Ձեր շրջապատին կարծիքը կ՛առնէք:
գ.- Կը դիմէք բարեկամի մը, որուն վրայ համարում ունիք:

2

Կարեւոր առիթի մը համար շուկայ պիտի երթաք` ձեզի համար հագուստ մը գնելու:

ա.- Առանձին կ՛երթաք, կը հաւնիք, կը փորձէք ու անմիջապէս կը գնէք:
բ.- Առանձին կ՛երթաք, բայց խանութին մէջ այլ յաճախորդներու եւ վաճառող երիտասարդուհիին կարծիքին կը դիմէք:
գ.- Ձեր մայրը կամ մօտիկ բարեկամուհին ձեզի հետ կ՛առնէք` անոր կարծիքը առնելու համար:

3

Երբ մէկը ձեզի խրատ մը տայ,

ա.- Մտիկ կ՛ընէք, բայց ի վերջոյ ձեր համոզումէն չէք շեղիր:
բ.- Մտիկ կ՛ընէք եւ կ՛օգտուիք անոր փորձութենէն:
գ.- Մտիկ կ՛ընէք եւ բառացի կը գործադրէք զայն` որպէս վերջին ճշմարտութիւն…

4

Ձեր շրջապատին կարծիքով, ո՞րն է ձեր մեծագոյն թերութիւնը:

ա.- Մեծամիտ էք եւ ուրիշները չէք լսեր:
բ.- Կարեւորութիւն կու տանք շրջապատի ըսի-ըսաւներուն:
գ.- Ամբողջութեամբ կախեալ էք մէկ անձի կարծիքէն:

5

Ճամբան տղամարդ մը կը ժպտի ձեզի, կ՛ըսէք`

ա.- Վերջապէս ճաշակաւոր անձի մը հանդիպեցայ:
բ.- Հաւանաբար ուրիշին հետ շփոթեց:
գ.- Բոլորս ալ սխալական ենք:

6

Ձեր զաւկին համար դպրոց մը պիտի ընտրէք

ա.- Կ՛ընտրէք ձեր իսկ աշակերտած դպրոցը, տրուած ըլլալով, որ ծանօթ էք ծրագրին, կարգապահական կանոններուն, ուսուցչական կազմին եւ այլն…
բ.- Կ՛ընտրէք ձեր դրացուհիին զաւկին դպրոցը, քանի որ ան գովասանքով կ՛արտայայտուի տուեալ դպրոցին մասին:
գ.- Առնուազն 6-7 հոգիի կարծիքին կը դիմէք եւ մեծ շփոթի կը մատնուիք…

ԱՐԴԻՒՆՔ

– Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, ինքնավստահ եւ անկախ անձ էք եւ կարիքը չէք զգար անձի մը, որ ձեզի կարծիք տայ կամ ուղղէ: Համոզուած էք, որ ուրիշը միջամուխ պէտք չէ ըլլայ ձեր կեանքին. հետեւաբար ձեր ժամանակը կ՛առնէք, կը մտածէք եւ ձեր տուած որոշումին արդիւնքին եւ հետեւանքին պատասխանատու կը զգաք:

* * *

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, երբեմն տատամսող անձ էք. կարեւոր որոշումի մը պարագային թէեւ իրարու չէք անցնիր, բայց երկրորդ  կարծիքի մը կարիքը կը զգաք: Լայնախոհ էք եւ բարդոյթներէ զերծ եւ այն քիչ անգամները, որ ուրիշին կարծիքին կը դիմէք, նուաստացումի զգացումներ չէք ունենար:

* * *

Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, ուրիշէն կախեալ եւ տկար անհատականութեան տէր անձ էք, այս բնաւորութիւնը մէկ օրէն միւսը չի փոխուիր, բայց դուք ձեր վրայ պէտք է աշխատիք եւ ճիգ թափէք, որպէսզի ձեր ինքնավստահութիւնը վերագտնէք եւ ուրիշին ենթակայ չըլլաք:

Տուէք որոշումներ եւ, ինչո՛ւ չէ, երբեմն  սորվեցէք ձեր սխալներէն, բայց պիտի տեսնէք, որ ճիշդ եւ դրական որոշումներ ալ տալ գիտէք:

 

ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐ

ԿՕՇԻԿՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔԸ

Կօշիկ գնելու ատեն շատեր նախապատուութիւնը կու տան ձեւին, տեսքին, քան` որակին: Մինչդեռ ամբողջ օրը մեր մարմնին ծանրութիւնը կրող ոտքերը պէտք ունին հանգստաւէտ կօշիկներու: Եթէ պիւտճէական սեղմումի պատճառով ի վիճակի չէք քանի մը կօշիկ գնելու, յանձնարարելի է մէկ հատ գնել, քիչ մը սուղ վճարել, քան թէ ամբողջ օրը տառապիլ ոչ հանգստաւէտ կօշիկներու պատճառով:

Անգամ մը, որ կօշիկը գնեցինք եւ տուն բերինք, պէտք է հոգ տանինք մեր կօշիկներուն, մաքրենք զանոնք եւ ի հարկին` ձէթով, կլիսերինով կամ այլ նիւթերով շփենք զանոնք` կաշին սնուցանելու եւ պահպանելու համար:

Ստրեւ կու տանք գործնական թելադրանքներ` կօշիկի դժուարութիւններու հետ կապուած:

  • Կօշիկ գնելու յարմարագոյն ժամանակը յետմիջօրէն է կամ երեկոյեան, քանի որ այդ ժամանակ ձեր ոտքերը կ՛ըլլան իրենց իսկական ծաւալին եւ ձեւին մէջ:
  • Կօշիկ գնելու ատեն նախապատուութիւնը տուէք կաշի տեսակներուն:
  • Կօշիկները չեն ճրճռար, եթէ ներբաններուն բուսական իւղ քսենք եւ քանի մը ժամ յետոյ մաքրենք:
  • Նեղ կօշիկները լայնցնելու համար անոնց մէջ ամբողջ գիշեր մը խոնաւ թերթ տեղաւորեցէք:
  • Նեղ կօշիկները լայնցնելու համար անոնց մէջ քանի մը դգալ քացախ լեցուցէք եւ հագէք:
  • Լաքապատ կօշիկները մաքրելու կամ փայլեցնելու համար օգտագործեցէք հեղուկ կաթը եւ կամ` ձեռքերը փափկացնող սերերը:
  • Թաւշեայ (տեն) կօշիկներու կարգ մը աղտեր կարելի է մաքրել սովորական ռետինով:
  • Թաւշեայ (տեն) կօշիկներուն մորթին խաւը վերականգնելու համար օգտագործեցէք նուրբ աւազաթուղթը` թեթեւ, մակերեսային շարժումներ կատարելով:
  • Բաց գոյնի կօշիկները թարմացնելու համար կարելի է օգտագործել օճառով ջուր եւ ապա անգոյն սեր:
  • Կօշիկները մաքրեցէք ոչ թէ տունէն դուրս ելլելէ առաջ, այլ` ներս մտնելէ ետք: Կօշիկներուն վրայ քսուք քսեցէք եւ ձգեցէք մինչեւ առտու, այնուհետեւ փայլեցուցէք:

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ԽԵՉԱՓԱՌՈՎ ՀԱՑԵՐ

Բաղադրութիւն` 24 հացի համար

Կէս հազար` մանր մանրուած
1 գաւաթ մայոնէզ
2 կանաչ սոխ` մանր մանրուած
Ապուրի դգալ մը կիտրոնի հիւթ
Քանի մը կաթիլ չիլի սոս
4 գաւաթ խեչափառ` փշրուած
3 խաշած հաւկիթ` մանրուած
24 շերտ պակեթ հաց կամ թոսթ հաց
Կարագ` հացերը ծեփելու համար
Աղ, կարմիր փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել մայոնեզը, սոխը, կիտրոնի հիւթը, չիլի սոսը: Աւելցնել խեչափառն ու հաւկիթը եւ համեմները, զգուշութեամբ խառնել եւ խառնուրդը սառնարանը պահել մինչեւ հիւրասիրելու ժամը:

Երբ հիւրասիրելու ժամը հասնի, հացի շերտերուն վրայ քիչ մը կարագ քսեցէք, ապա իւրաքանչիւրին վրայ տարածեցէք մանրուած հազարը եւ ապա` խեչափառով խառնուրդը:

Ըստ ճաշակի, երեսը կրնաք զարդարել քափրի հատիկներով, թթուաշի շերտով կամ մանրուած կանաչ սոխով:

 

ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ

Կ՛ուզեմ հիմի փչէ զուռնէն – հարբած ըլիմ մինչեւ էգուց,
Ամէն մարդու ընկեր ըլիմ – ու բաց ըլիմ մինչեւ էգուց,
Ֆայտոն նստած` անցնեմ քուչով, պատուհանից վրէս նայես`
Էշխդ անքուն սիրտս ընկնի – ու լաց ըլիմ մինչեւ էգուց:
Խելքս քամուն, հովին տուած` երթամ ընկնեմ դուքան ու բաղ`
Ընկերների սուփրին գինի ու հաց ըլեմ մինչեւ էգուց:
Երթամ ուրիշ գոզալների գիրկը դնեմ գլուխս տաք`
Քո էդ անուշ, ազի՜զ տեսքով հարբած ըլիմ մինչեւ էգուց:

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES