ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ. ՄԻՍԱՔ ԹԵՐԶԵԱՆԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ 80-ՐԴ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, երէկ` հինգշաբթի, 17 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միսաք Թերզեանի 80-րդ ցուցահանդէսին բացումը` «վերածնունդ» խորագիրին տակ:
Հանդիսութեան ընթացքին արտասանուած բոլոր խօսքերը օտար լեզուով էին: Խօսք առաւ Քարլա Թիւթիւնճեան, որ ներկայացուց Միսաք Թերզեան արուեստագէտը, անոր վաստակը, գեղարուեստական ճաշակը` նշելով, որ 1989-էն 1994 Միացեալ Նահանգներու մէջ անոր կեցութիւնը մեծ ազդեցութիւն գործած է անոր վրայ:
Այնուհետեւ խօսք առաւ արուեստագէտ Միսաք Թերզեան: Ան խօսեցաւ լիբանանահայ երեք արուեստագէտներու մասին, որոնք մեծ ազդեցութիւն ունեցած են իր արուեստին վրայ:
Այդ երեք գեղանկարիչներն են Շարթ, Կիւվտեր, Գրիգոր Նորիկեան, որոնք իրենց խրատներով, ցուցմունքներով եւ քաջալերանքով ուղղած են Միսաք Թերզեանի քայլերը արուեստի աշխարհին մէջ: Իր խօսքին մէջ Միսաք Թերզեան յայտնեց, որ 1989-ին մեծ ցնցում մը ապրած է, երբ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ ռմբակոծումի մը ընթացքին հրկիզուած են իր վեց տարուան ժրաջան աշխատանքին պտուղը եղող 104 գեղանկարները: Իսկ այսօր այս ցուցահանդէսին ցուցադրուած գեղանկարներուն միջոցով վերածնունդ մը կ՛ապրի եւ այդ պատճառով ալ այս ցուցահանդէսը տեղի կ՛ունենայ «վերածնունդ» խորագիրին տակ` նկատի ունենալով, որ ցուցադրուած գործերէն մաս մը վերարտադրութիւնն է 1989-ին փճացած գեղանկարներու:
Հանրածանօթ արուեստագէտ Կիւվտեր` խօսելով Միսաք Թերզեան ուսանողին մասին, յայտնեց, որ ուսանողութեան տարիներէն իսկ ակներեւ էր Թերզեանի տաղանդը եւ այդ տաղանդին շնորհիւ ան կը գերազանցէր իր դասընկերները: «Այժմ կը վկայեմ, որ ան զիս գերազանցեց», ըսաւ Կիւվտեր:
Յայտնենք, որ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահին մէջ կը ցուցադրուին Միսաք Թերզեանի 34 գեղանկարները` իւղաներկ եւ աքրելիք: Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 31 մայիս 2011: