ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս` երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ բանակին կարիքները:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանը: Քննարկուեցան լիբանանեան-գերմանական յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեցին նաեւ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժորժ Քարաա եւ Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Եհիա Ռաատ:
CATEGORIES Լիբանանեան


