ՍԷՅՐԱՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՉԵԽԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

Սէյրանեան եւ Շուարցենպերկ

3 հոկտեմբերին Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեան հանդիպում ունեցաւ Չեխիոյ Առաջին փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Քարել Շուարցենպերկի հետ: Չեխ բարձրաստիճան պաշտօնեան շնորհաւորեց դեսպանը Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով եւ յայտնեց, որ Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան բացումը խթան պիտի հանդիսանայ երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-չեխական քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող տարբեր հարցեր: Շուարցենպերկ յատկապէս կարեւոր նկատեց համագործակցութեան հեռանկարները մշակոյթի, ինչպէս նաեւ հիւլէական ուժանիւթի մարզերուն մէջ:

Շուարցենպերկի խնդրանքով դեսպան Սէյրանեան ներկայացուց Հայաստանի մօտեցումները շրջանային վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ արցախեան տագնապի բանակցային հոլովոյթին, մասնաւորաբար Քազանի հանդիպման, որ բեկումնային չեղաւ, որովհետեւ Ազրպէյճան պատրաստ չեղաւ ընդունելու Մինսքի խմբակի եռանախագահներուն կողմէ առաջարկուած հիմնարար սկզբունքներու վերջին տարբերակը: Տիգրան Սէյրանեան նշեց, որ Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման, սակայն պատրաստ է նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ զինուորական նոր արկածախնդրութեան պարագային խաղաղութիւնը պարտադրելու անոր:

Share this Article
CATEGORIES